2014-04-25 09:40:47

Հինգշաբթի 24 Ապրիլ 2014` Յիշատակ բիւրաւոր նահատակաց Հայոց Աշխարհի
Հայր Յովսէփ Քէլէքեանի սրտի խօսքը։


Ապրիլ 24 1915… ահաւոր թուական մը Հայոց երկհազարամեայ պատմութեան մէջ. Ողբերգութիւն մը, որ անջնջելի կերպով իր արիւնոտ կնիքը դրած է հայ ժողովուրդի վրայ։ Մէկ գիշերուայ մէջ` ներքին գործոց նախարարութեան հրամանին վրայ` թուրք ոստիկաններ կը հաւաքեն ու կը ձերբակալեն մեր Պոլսահայ ժողովուրդի աւագանին, երեսփոխաններ, բժիշկներ, փաստաբաններ, ուսուցիչներ, լրագրողներ… ընդամէնը մօտաւորապէս 700 հոգի, այն միակ ամբաստանութեամբ թէ անոնք հայ էին եւ նկատուած` որպէս մտաւորական դասի անդամ, հայկական հասարակութեան մէջ։ Որոշ ժամանակ մը ետք` ամէնքն ալ զանազան ձեւերով վայրագօրէն կը սպաննուին, զանազան տեղեր, որպէսզի ուշադրութիւնը չի գրաւեն մնացեալ հայ ժողովուրդին եւ օտար դեսպաններուն։
Մէկ ամիս ետք` կը սկսի գաւառներու տեղահանութիւնն ու ջարդը, հայ անզէն եւ անմեղ ժողովուրդը կարաւան առ կարաւան կը քշեն իրենց տուներէն հեռու, դէպի Սուրիոյ անապատները, զանոնք եւս ոչնչացնելու համար։ Ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու հրամանը ելած էր նախօրօք, Իթթիհատական կառավարութեան գաղտնի ժողովի մը ընթացքին. իսկ այդ անգութ զինուորները զայն կը գործադրեն ամէնէն վայրագ ձեւերով։
Կանխամտածուած ու ծրագրուած այս ոճիրը ստոյգ է որ ցեղասպանութիւն մըն էր, սակայն այդ շրջանին` նոյնիսկ իրենք, տարագրուած հայերը չանդրադարձան թէ ինչ կը կատարուէր. Շատ աւելի ետքն է որ, երբ քով քովի բերին բիւրաւոր հայ բեկորներու վկայութիւններն ու անհատական պատմութիւնները, անոնք, այսինքն մենք` անոնց շառաւիղները, կրցանք հասկնալ իրականութիւնը, աներեւեկայելի այդ իրականութիւնը, սոսկալի եւ ահաւոր այդ իրականութիւնը։ Ուզած էին բնաջնջել մեր Ազգը, աշխարհի երեսէն առ յաւէտ վերցնել գոյութիւնը երկրի մը որ եղած էր դրախտավայրը մեր նախածնողաց եւ, ջրհեղեղէն ետք` հանդիսացած էր օրրանը մարդկային վերածնունդին։ Ազգի մը զաւակներուն որոնք առաջինը եղած էին որ` ըմբռնելով աստուածային խորհուրդին յայտնութիւնը, ազգովին քրիստոնեայ դարձած էին եւ միշտ կանգուն մնացած էին հակառակ դարերու արհաւիրքներուն։
Բայց այս ծրագիրը չյաջողեցաւ, զայն կիրարկողները առ յաւէտ կորսուեցան պատմութեան ամօթալի էջերուն ընդմէջէն. Իսկ Հայը կայ ու կը շարունակէ մնալ այս աշխարհի վրայ. Այո, ան կ՛ապրի իր բնիկ հողերէն դուրս, սակայն ամէն տեղ աշխարհի վրայ ան ստեղծած է նոր Մարաշներ, նոր Սեբաստիաներ, նոր Մալաթիաներ, նոր Մուշեր, նոր Կեսարիաներ, նոր Կիլիկիաներ։ Այս ցիրուցան ժողովուրդը չէ մոռցած իր անցեալը, իր պանծալի պատմութիւնն ու բարձրակիրթ մշակոյթը, իր ոսկեղնիկ լեզուն եւ պապենական դարաւոր աւանդութիւնները. Ան կայ եւ կը գոյատեւէ հանապազօրեայ պայքարի ընդմէջէն։
Սակայն բան մը կայ որ Հայ խաղաղ ու բարեսէր ժողովուրդը երբեք չի կրնար մոռնալ. Հայ ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ այդ մեծ ու ահաւոր չարիքը զոր թուրքերը հասցուցին մեր Ազգին ամբողջութեան։ Մենք պարտաւոր ենք ցմիշտ յիշել Մեծ Եղեռնը եւ անոր յիշատակը փոխանցել մեր յաջորդ սերունդներուն։ Մենք պարտականութիւնն ունինք նաեւ պարտադրելու անոնց յիշատակը աշխարհի բոլոր ազգերուն։ Ոչ միայն անոնք ճանչնալու են եւ ընդունելու ցեղասպանութեան իրականութիւնը, այլ պատժելու են զայն մերժողները եւ իրենց պատմութեան գրքերուն մէջ արձանագրելու են հայկական ցեղասպանութեան իրականութիւնը, որպէսզի իրենց զաւակներն ալ` փոքր տարիքէն, իմանան թէ ով են Հայերը եւ թէ ինչքան տառապած են պահելու եւ պահպանելու համար իրենց ազգային եւ հոգեւոր արժէքները։
Այսօր մենք ճակատաբաց կը ներկայանանք աշխարհի առջեւ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ առջեւ. Որով մէկ դարէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ պահուըտած եւ կրօնափոխ եղած Հայերը նոյնիսկ` տակաւ առ տակաւ սկսած են արթննալ իրենց թմբիրէն եւ առանց երկիւղի արտայայտուիլ իրենց հայ արմատներու մասին. Այսօր ազգովին կ՛ըսենք թուրք ղեկավարներուն. Ո՛չ, չի բաւեր ցաւակցիլ ու կարեկցիլ հայ զոհերուն վրայ, այսօր հարկ է հրապարակաւ ներողութիւն խնդրել. Եւ ասիկա առաջին քայլն է, որմէ ետք մենք պիտի որոշենք յաջորդ իրենց առնելիք քայլերուն պայմանները եւ ուղղութիւնը։
Բոլոր հայ հասարակութիւնը, հայկական բոլոր ընկերակցութիւնները եւ ամէն մի հայ անհատ հարկ է որ երկու ձեւի տակ պայքար մղէ այս ուղղութեամբ. Նախ դուրսէն, աշխարհի մէջ գտնուող բոլոր թրքական ներկայացուցիչներուն ստիպել որ զգան ահաւորութիւնը իրենց պապերու գործած արարքին. Անոնք այլեւս չեն կրնար պարծենալ իրենց անցեալով, այլ` հարկ է որ ամօթով մօտենան անոր, իրենց անպատկար յոխորտանքը խոնարհեցնելու են հայ դատի պաշտպաններու առաջ։
Ես հակառակ չեմ որ դուք, ես ունենանք թուրք բարեկամներ, սակայն մեր բարեկամութեան հիմը պէտք է կազմէ մեր յարատեւութիւնը զիրենք մղելու դէպի ճանաչումը իրենց յանցանքին, առնուազն ընդունիլը թէ ժամանակին իրենց հայրերը անարդար գտնուած են հայ ժողովուրդին հանդէպ. Եթէ ոչ` իմաստ մը չունի մեր բարեկամական մօտեցումը։
Իսկ պայքար մըն ալ մղելու ենք ներսէն, Թուրքիոյ մէջէն, քաջալերելով հոն մնացած Հայերը արթննալու եւ վկայելու, նպաստելով թուրք կարգ մը մտաւորականներու առած դրական քայլերուն` հայ ցեղասպանութեան թապուն վերցնելու երկրի գէթ որոշ զարգացում ունեցող խաւերուն մէջէն։
Մենք ունեցանք թրքահայ հերոս մը, Հրանդ Տինք, որ անվախօրէն յառաջացաւ այս ուղղութեամբ, անձնաւորութիւն մը, որ կազմուած էր աւետարանական համայնքի խնամքին տակ, եւ որ` բարձրանալով համայնքային մակարդակէն աւելի վեր, կրցաւ նոր շունչ տալ թրքահայ համայնքի զաւակներուն եւ ներշնչել անոնց հայ ըլլալու պարծանքն ու ինքնագիտակցութիւնը։ Ան իր մահուամբ կնքեց իր վկայութիւնը եւ յաչս Թուրքիոյ եւ յաչս բոլոր աշխարհի նկատուեցաւ որպէս հերոս մը։ 19 Յունուար 2007­ին ողջ հայութիւնը եւ համայն աշխարհը, ի միջի այլոց նաեւ թուրք հասարակութիւնը, կը ցնցուէր Հրանդ Տինքի եղերական մահով։ Մենք յոյսով ենք որ անոր մահը պիտի սատարէ հայութեան վերելքին Թուրքիոյ մէջ։ Ասոր համար հարկ է մեր բոլորիս աշխատանքը, դուսէն եւ ներսէն, հեռացնելով բոլոր նախապաշարումները։
Յարգա՜նք մեր բիւրաւոր նահատակներուն, հաւատարմութիւ՜ն անոնց յիշատակին, եւ մանաւանդ` գիտակցութիւ՜ն անոնց հաղորդած պատգամի ուժին ու բարոյական պարտաւորութեան. Ամէն հայ որ կը պահէ ու կը պահպանէ իր հայութիւնն ու հաւատքը, կ՛իրագործէ իր նախնեաց արեան ու նահատակութեան պարտքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.